2017-04-28 10:45:00

Սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Պապին 18-րդ առաքելական Ճամբորդութիւնը` Խաղաղութեան պատգամաւոր։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 28 ապրիլ 2017- առաւօտեան սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Պապին 18-րդ առաքելական Ճամբորդութիւնը որ զինք կ՛առաջնորդէ Եգիպտոս ունենալով երեք հիմնական նպատակներ` հովուական, մօտիկութիւն ցուցաբերելու Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Եգիպտոսի քրիստոնեաներուն, Միջ Կրօնական` երկխօսութիւն հաստատելու Մահմետական աշխարհին հետ ապա Համամիութենական` կապերն ու յարաբերութիւնները ամրապնդելու Ղպտի Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ հետ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանէն ինքնաշարժով մեկնեցաւ առաւօտեան 10,15-ին, հուսկ Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայանէն մեկնեցաւ դէպի Գահիրէի միջազգային օդակայան, ուր ժամանումը նախատեսուած է 14-ին եւ ուր պաշտօնական ընդունելութենէն ետք, անմիջապէս կ՛ուղղուի  Հելիոպոլսոյ Նախագահական Պալատ ուր քաղաքավարական այցելութիւն կու տայ Եգիպտոսի Նախագահին եւ ուր տեղի կ՛ունենայ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը։

Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Ալ Սիսի

Ապտել Ֆաթթահ Սայիտ Հիւսէյն Խալիլ Ալ Սիսի, ծնած է Գահիրէի մէջ 1954-ին։ Իր ուսումը աւարտած է Ալ Ազհար համալսարանին մէջ ապա յաճախած է Եգիպտոսի Զինուորական Ակադեմիան։ 2011-ի տեղի ունեցող Եգիպտական յեղափոխութեան հետեւանքով` ու նախագահ  Հուսնի Մուպարաքի հրաժարականով, ան 2012-ին նորընտիր նախագահ Մոհամմէտ Մորսիի կողմէ կ՛անուանուի Եգիպտոսի Զինեալ ուժերու Հրամանատար ու Պաշտպանութեան նախարար։ 2013-ի Յուլիս 3-ին, Ալ Սիսին յեղաշրջում մը կը կազմակերպէ ու վար կ՛առնէ նախագահ Մուրսին եւ 2014-ին Եգիպտոսի նախագահ կ՛ընտրուի։

Նախագահին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ քաղաքավարական այց կը կատարէ Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ Շէյխ Ահմէտ  Մոհամմէտ Էլ Թայիպին ապա իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ալ Ազհար համալսարանի կողմէ կազմակերպած խաղաղութեան միջազգային համագումարին, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն իսլամ ու քրիստոնեայ աշխարհէն բարձրաստիճան քաղաքական ու հոգեւորական անձնադրութիւններ որոնց շարքին նաեւ Կ.Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա։

Ֆրանչիսկոս Պապ ԱլԱզհար համալսարանի համագումարի մասնակիցներուն կ՛ուղղէ պատգամ մը հուսկ հանդիպում կ՛ունենայ Եգիպտոսի քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ անոնց ուղղելով այլ պատգամ մը որուն աւարտին, Նորին Սրբութիւնը կ՛ուղղուի Ղպտիներու Պատրիարքարան` եղբայրական այցելութիւն տալու Ղպտիներու Օրթոտոքս Պատրիարք Թաուատրոս Բ Պապին, որով վերջ կը գտնէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Եգիպտոս կատարած առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.